Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Եւրոպական խորհրդարան.– «Մինսքի խումբը կը մնայ ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման միջազգայնօրէն ճանչցուած միակ ձեւաչափը»

Եւրոպական խորհրդարանի Արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան մասին 2021 հաշուետու զեկոյցին մէջ նշուած է, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբը կը մնայ Արցախեան հակամարտութեան լուծման միջազգայնօրէն ճանչցուած միակ ձեւաչափը։

Այնտեղ ընդգծուած է, թէ անհրաժեշտ է ընդլայնել ԵՄ-ի եւ անդամ պետութիւններու մասնակցութիւնը՝ Հարաւային Կովկասի կայունութեան ապահովման եւ տարածաշրջանի բարգաւաճման, ինչպէս նաեւ շրջանի պետութիւններու ազդեցութեան եւ միջամտութեան դիմադրելու նպատակին մէջ։

Զեկոյցը՝ ԵՄ-ին, անոր անդամ պետութիւններուն եւ մարդկային իրաւանց գծով փոխնախագահին կոչ ուղղած է աշխուժօրէն մասնակցելու Արցախի շուրջ Հայաստանի եւ Ազէրպայճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին եւ կանխելու շրջանի լարումին սաստկացումը, մասնաւորապէս՝ ճնշում գործադրելով Ազէրպայճանի եւ Հայաստանի վրայ յետպատերազմեան հարցերու լուծման (ներառեալ սահմանագծումը եւ բոլոր ռազմագերիներու ազատ արձակումը) համար։ 

«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբը  կը մնայ այդ հակամարտութեան լուծման միջազգայնօրէն ճանչցուած մի՛ակ ձեւաչափը՝ տարածքային ամբողջականութեան, ուժի բացառութեան, ինքնորոշման եւ իրաւահաւասարութեան, հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման սկզբունքներու հիման վրայ»,– նշուած է փաստաթուղթին մէջ, որով Մինսքի խումբին կոչ ուղղուած է շտապ վերադառնալու իր միջնորդական դերին։