Դեկտեմբեր 6-ին կայացած կառավարութեան նիստին, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարուհի Քաթրին Գոլոնա հաստատած է Հոկտեմբեր 20֊էն ի վեր Հայաստան տեղակայուած Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան լիազօրագիրը երկարաձգելու անհրաժեշտութիւնը: «Այս առաքելութիւնը իրօք կը սահմանափակէ լարումի վտանգները, կը վերահսկէ սահմանային իրավիճակը»,– ըսած է ան։
Գոլոնա նշած է, որ Հայաստանի և Ազերպայճանի միջեւ լարումը կը շարունակուի: Ան վերահաստատած է Ֆրանսայի եւ Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը՝ Հայաստանին, եւ խոստացած, որ շարունակական ջանքեր կը գործադրուին տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման համար:
Լուրը հաղորդած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի նախկին դեսպան Ժոնաթան Լաքոթ՝ Դիմագիրքի իր էջին կատարած գրառումով։