Եւրոպական Միութիւնը (ԵՄ) որոշած է երկու միլիառ եւրոյի նիւթական օժանդակութիւն մը յատկացնել Ազէրպայճանին՝ տնտեսական ներդրումներու ծրագրի իրագործման համար։ Լուրը հաղորդած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը, յղում ընելով Ազէրպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան։
Նշեալ օժանդակութեան մասին յայտարարած է ԵՄ-ի Դրացնութեան և ընդլայնման քաղաքականութեան հարցերու յանձնակատար Օլիվէր Վարհէյլի, Ազէրպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամովի հետ հանդիպման ժամանակ։
Վարհէյլի նաև ընդգծած է, որ ԵՄ-ը պատրաստ է մասնակցելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ազէրպայճանի կողմէ իրականացուող վերակառուցման աշխատանքներուն։