Եւրոպական ցամաքամասին մէջ ներկայիս կանգուն մնացած ամէնէն հին հայկական եկեղեցին կը գտնուի Ռումանիոյ մոլտաւական շրջանի Պոթոշանի քաղաքին մէջ։
1350 թուականին վերագրուող Ս. Մարիամ եկեղեցին Եւրոպայի հայ համայնքներու ամենահին աղօթատեղին հանդիսանալու կողքին, ունի նաեւ քաղաքի առաջին քարաշէն ուղղափառ եկեղեցին ըլլալու հանգամանքը։ 1354 թուականին մագաղաթի վրայ գրուած Սուրբ Գիրքը, Պոթոշանիի ամենահինը, պահպանուած է մինչեւ 1950 թուականը Ս. Մարիամ եկեղեցւոյ մէջ։ Պոթոշանիի մէջ յայտնաբերուած առաջին քրիստոնէական գերեզմանոցն ալ կը գտնուի այս եկեղեցւոյ մօտ, 15-րդ դարու իր գերեզմաններով եւ տապանաքարերու դեռ չվերծանուած հայերէն արձանագրութիւններով։
Եկեղեցին մինչեւ 90-ականներու սկիզբը մնացած է ծանրօրէն քայքայուած վիճակի մէջ։ Ռումանիոյ կառավարութեան, Մշակոյթի նախարարութեան եւ Պոթոշանիի քաղաքապետարանի տեղական ամավարկի անմիջական գանձատրմամբ պատմական յուշարձանը վերականգնուած է 20 երկար տարիներու աշխատանքներէ ետք:
Քահանայ եւ ազգագրագէտ Տան Տիմիթրի իր «Ուղղափառ Հայերը Պուքովինայի մէջ» հատորին կը գրէ, թէ Ս. Մարիամ եկեղեցին այն աճման կեդրոնն էր, որու շուրջ 14-րդ դարուն պիտի զարգանար հայկական թաղամասը, որու բնակիչները գլխաւորաբար հայ վաճառականներ էին, որոնք լքած էին իրենց երկիրը, Հայաստանի երբեմնի ծաղկուն մայրաքաղաք Անին հիմնովին աւերած 1319-ի աւերիչ երկրաշարժէն ետք։
«Այդ տարին շատ Հայեր գաղթեցին Պոթոշանի եւ Սուչավա՝ իրենց մայրաքաղաքը աւերած երկրաշարժէն յետոյ լքելով հայրենիքը, որպէսզի նոր կեանք կառուցեն այստեղ»,– գրած է ան։
Եկեղեցին հիմնովին փլուզուած է, սակայն վերակառուցուած է 1795 թուականին: Բակին մէջ կանգուն կը մնան հին զանգակատունը եւ հին ծխական տունը: Եկեղեցւոյ թաղամասին Հայկական ինքնութեան շունչը լայնօրէն զգալի է մինչեւ 1800-ական թուականներ կառուցուած տուներու ոճին վրայ։