Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Եւրոտեսիլի հեռարձակման ընթացքին իսրայէլացի հաղորդավարը վիրաւորած է հայերը. համայնքը վրդովուած է

Եւրոտեսիլի մրցոյթին Հայաստանի ներկայացուցիչը՝ Պարգ

Իսրայէլի հանրային հեռատեսիլի հաղորդավարը Եւրոտեսիլի կէս-աւարտականի ուղղակի սփռումի ընթացքին վիրաւորած է հայերը։ Այս կապակցութեամբ ահազանգ հնչեցուցած է Երուսաղէմի SavetheArQ (Փրկեցէ՛ք հայկական թաղամասը) շարժումի նախաձեռնող խումբը X-ի իր պաշտօնական էջին վրայ։

«Չեմ կրնար հաւատալ, որ մենք Երուսաղէմի ամբողջ թաղամաս մը տուինք այս մարդոց»,– ըսած է հաղորդավարը Հայաստանի ներկայացուցիչ Պարգի ելոյթէն ետք։

SavetheArQ-ի հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ շարժումի անդամները ցնցուած են հաղորդավարի խօսքերէն եւ խստօրէն կը դատապարտեն այդ ամօթալի մեկնաբանութիւնը։

«Սա անհանգստացնող, անհիմն, ցեղապաշտական եւ վիրաւորական յայտարարութիւն է, որ կը թիրախաւորէ Երուսաղէմի պատմական, կրօնական եւ մշակութային կառոյցի անբաժանելի մաս կազմող հին համայնքը։ Նախ եւ առաջ կը փափաքինք պարզաբանել, որ Երուսաղէմի հայկական թաղամասը ոչ մէկուն «տրուած» չէ։ Ան կառուցուած, պահպանուած եւ մշակուած է դարերու ընթացքին հայ ժողովուրդին կողմէ, որ պահպանած է իր անխափան ներկայութիւնը Սուրբ Երկրին եւ Երուսաղէմի մէջ աւելի քան 1600 տարիէ ի վեր։ Այս ներկայութիւնը համաշխարհային ճանաչում ունի եւ իւրայատուկ ներդրում մըն է քաղաքի հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական կեանքին մէջ»,– կ՚ընդգծէ հաղորդագրութիւնը։

Շարժումի անդամները կը յիշեցնեն, թէ Հին քաղաքի չորս թաղամասերէն մէկը՝ Հայկական թաղամասը, կը ծառայէ որպէս համայնքներու եւ կրօններու միջեւ համակեցութեան, համագործակցութեան խորհրդանիշ։ Հետեւաբար նման յայտարարութիւնները ոչ միայն սխալ են, այլեւ վիրաւորական ու վտանգաւոր, եւ վնաս կը հասցնեն Երուսաղէմի մէջ համատեղ կեցութեան։

«Մենք թոյլ պիտի չտանք հեռարձակողներուն կամ որեւէ այլ մէկուն՝ խաթարել պատմական ճշմարտութիւնը կամ արատաւորել ամբողջ համայնքի մը եւ ազգի մը արժանապատուութիւնը»,– կը շեշտուի հաղորդագրութեան մէջ։

SavetheArQ շարժումը Իսրայէլի հանրային հեռարձակող ընկերութեան կոչ ըրած է հրապարակայնօրէն հերքելու կատարուած յայտարարութիւնը եւ պաշտօնապէս ներողութիւն խնդրելու Երուսաղէմի հայ համայնքէն։

Իսրայէլի Հանրային հեռարձակման ընկերութիւնը ներողութիւն խնդրած է

Հայաստանի հանրային հեռատեսիլի ընկերութիւնը իր կարգին բացատրութիւն պահանջած է Իսրայէլի Հանրային հեռարձակողէն` վերոնշեալ գայթակղալի մեկնաբանութեան մասին։ 

Ի պատասխան այս պահանջին՝ Իսրայէլի Հանրային հեռարձակման ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Կոլան Եոխպազ Հայաստանի հանրային հեռատեսիլի ընկերութեան յղուած պաշտօնական նամակով մը ներողութիւն խնդրած է իսրայէլացի հաղորդավարի արտայայտութիւններուն համար։