Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԵՒՐՈՏԵՍԻԼ – Մրցոյթը շահեցաւ Աւստրիոյ ներկայացուցիչը. Հայաստան գրաւեց 20-րդ տեղը

Մայիս 17-ի երեկոյեան, Զուիցերիոյ Պազէլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Եւրոտեսիլ» երգի մրցոյթին աւարտականը, որուն կը մասնակցէին զտումներէն եւ կէս-աւարտականէն ետք շարունակելու իրաւունք ձեռք ձգած 26 երկիրներ։

Մրցոյթը շահեցաւ Աւստրիոյ ներկայացուցիչը՝ JJ։ Հայաստանը ներկայացնող Պարգ[եւ] իր «Survivor» երգով գրաւեց 20-րդ տեղը։ Ֆրանսայի ներկայացուցիչը՝ ծանօթ երգչուհի Լուան «Maman» երգով դասուեցաւ 7-րդ։

Աւելցնենք որ հեռատեսիլի ակնդիրներու քուէարկութեան բաժնին մէջ, Ֆրանսա առաւելագոյն՝ 12 կէտերը շնորհեց Հայաստանին, մինչ Ազերպայճան նոյնը ըրաւ ի նպաստ Իսրայէլի, որու ներկայացուցիչը հանդիսացաւ երկրորդ։