Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Զախարովա անդրադարձած է հայ ռազմագերիներու մահապատիժներու տեսարաններ պարունակող տեսանիւթերուն

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա անդրադարձած է հայ ռազմագերիներու մահապատիժներու տեսարաններ պարունակող տեսանիւթերուն։

Ան յայտնած է.– “Նշեալ տեսանիւթերը լի են ծայրայեղ դաժանութեան տեսարաններով: Միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտման բոլոր դէպքերը պէտք է մանրակրկիտ հետաքննուին: Ազերպայճանի եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն կոչ կ՚ընենք անյապաղ այդ տեսանիւթերու համապարփակ, խոր վերլուծութիւն կատարել, այդ կարգին՝ ռազմական ոճիրի յատկանիշերու լոյսին տակ։ Փաստերու հաստատման պարագային բոլոր մեղաւորները պէտք է պատասխանատւութեան ենթարկուին օրէնքի ամբողջ խստութեամբ”։