Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա իր շաբաթական ասուլիսին արձագանգած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան, թէ ռուս խաղաղապահ զօրախումբը չի կատարեր եռակողմ յայտարարութեամբ արձանագրուած իր պարտաւորութիւնները։
“Ես կրնամ հակառակը ըսել՝ ռուս խաղաղապահները իրենց առաքելութիւնը կը կատարեն։ Իրավիճակի կարգաւորման ուղղութեամբ քայլերու կը ձեռնարկուին, աշխատանքներ կը տարուին։ Նախապէս ալ բազմաթիւ անգամներ կողմերու միջեւ լարում տեղի ունեցած է եւ ռուս խաղաղապահները իրենց կարելին ըրած եւ յաջողած են լուծելու համար խնդիրները։ Հետեւաբար, մեր խաղաղապահներու նկատմամբ նման վերաբերում ընդունելի չէ”,– յայտարարած է Զախարովա։
Նշենք, թէ Հայաստանի կառավարութեան Դեկտեմբեր 22-ի նիստին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է, թէ Բերձորի միջանցքը փակելով Ազերպայճան չի կատարեր 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները։ “Դէ ֆակտօ ստացւում է, որ եռակողմ յայտարարութեամբ արձանագրուած պարտաւորութիւնը՝ այն է վերահսկողութեան տակ պահել Բերձորի միջանցքը, չի կատարում նաեւ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբը։ Ի հարկէ նման բան տեղի է ունենում Ադրբեջանի ապօրինի գործողութիւնների հետեւանքով, բայց սրանից իրավիճակը չի փոխւում, որովհետեւ ռուս խաղաղապահ զօրախմբի առանցքային իմաստը հէնց դա է՝ թոյլ չտալ, որ նման ապօրինութիւն տեղի ունենայ”,– ըսած է վարչապետը։