Մէկ զոհ եւ երկու վիրաւոր
Յունուար 27-ի առաւօտեան զինեալ յարձակում մը կատարուած է Թեհրանի մէջ Ազերպայճանի դեսպանատան վրայ։
Յարձակում գործած անձը ժամը 8.30-ին մուտք գործած է պահակակէտ եւ «Քալաշնիքով» զէնքով սպանած է ապահովութեան ծառայութեան ղեկավարը: Դեսպանութեան երկու աշխատակիցներ ալ վիրաւորուած են։
Իրանեան լրասփիւռներ կը հաղորդեն, թէ յարձակողը ձերբակալուած է։ Ըստ իրանական աղբիւրներու նախնական տուեալներու, յարձակման դրդապատճառը ընտանեկան հարցով ծագած բարդութիւն մըն է, բայց ազերպայճանական կողմը առիթը չմսխելով՝ անմիջապէս արծարծած է ահաբեկչութեան վարկածը։