Բեմադիր Իննա Սահակեանի «Աւրորայի լուսաբացը» վաւերագրական-պատկերաշար (animation) ֆիլմը՝ Մարտ 10-19 Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած Մարդկային իրաւանց շարժապատկերի միջազգային փառատօնին (FIFDH) արժանացած է գլխաւոր մրցանակին։ Լուրը հաղորդած են Հայաստանի Ազգային շարժապատկերի կեդրոնէն։
Բեմադիր Սահակեան յայտարարած է, թէ շարժանկարի եւ մարդկային իրաւանց նուիրուած փառատօնին ստացուած այս մրցանակը առանձնայատուկ է իրենց համար։ “Աւրորա կը պայքարէր մարդկութիւնը կենդանի պահելու համար՝ փորձելով իր ցաւը ամոքել պաստառին շնորհիւ, եւ այդ կը նշանակէ, որ անոր առաքելութիւնը դեռ կը շարունակուի եւ երբեք պիտի չմոռցուի”– ըսած է ան:
Հայաստանի, Լիթուանիոյ և Գերմանիոյ միացեալ արտադրութիւն՝ «Աւրորայի լուսաբացը» կը պատմէ Աւրորա Մարտիկանեանի արտասովոր պատմութիւնը, որ վերապրած է Հայոց ցեղասպանութիւնը դեռահաս տարիքին, եւ աւելի ուշ հասնելով Հոլիվուտ, հոն 1919-ին նկարահանուած համր ֆիլմի մը մէջ «պատմած է» ջարդը։
«Աւրորայի լուսաբացը» ժապաւէնին իրագործումը կարելի դարձած է Զօրեան հիմնարկի ակադեմական ներդրմամբ եւ հիմնուած է անոր Բանաւոր պատմութեան արխիւին վրայ: