ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ – Հայաստան մասնակցեցաւ Ժընեւի Գիրքի միջազգային ցուցահանդէսին

Մարտ 19–23, Զուիցե­րիոյ «Յա­կոբ Թօ­փալեան» հայ­կա­կան հիմ­նադրա­մի նա­խաձեռ­նութեամբ եւ ջան­քե­րով, Հա­յաս­տան կրկին մաս­նակցե­ցաւ Ժը­նեւի Գիր­քի մի­ջազ­գա­յին ամէ­նամեայ ցու­ցա­հան­դէս-տօ­նավա­ճառին:

Հայ­կա­կան տա­ղաւա­րին մէջ ցու­ցադրուած էին Հա­յաս­տա­նի եւ ար­տա­սահ­մա­նի մէջ վեր­ջին տա­րինե­րուն տպագ­րուած հա­րիւ­րէ աւե­լի հա­յերէն եւ օտար լե­զու­նե­րով բազ­մա­թիւ հրա­տարա­կու­թիւններ:

Ցու­ցա­հան­դէ­սի հինգ օրերու ըն­թացքին, գիր­քե­րու ցու­ցադրու­թեան զու­գա­հեռ, տե­ղի ու­նե­ցան դա­սախօ­սու­թիւններ՝ նուիրուած հայ ժո­ղովուրդի պատ­մութեան, լե­զուին, գրա­կանու­թեան, երաժշտա­կան արուես­տին, ճար­տա­րապե­տու­թեան, ԻՒ­ՆԷՍՔՕ-ի հա­մաշ­խարհա­յին ժա­ռան­գութեան ցան­կին մէջ նե­րառուած հայ­կա­կան կո­թող­նե­րուն, ինչպէս նաեւ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան, Ար­ցա­խի պատ­մամշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութեան: Առան­ձին անդրա­դարձներ եղան Հա­յաս­տա­նի զբօ­սաշրջա­յին մեծ նե­րու­ժին, ինչպէս նաեւ խա­ղողա­գոր­ծութեան եւ գի­նեգոր­ծութեան հա­րուստ աւան­դութիւննե­րուն: Ներ­կա­յացուեցաւ նաեւ Պրիւ­սէ­լի «Պօ­ղոսեան» եւ Լիոնի «Պիւլլիւ­քեան» հիմ­նադրամ­նե­րու գոր­ծունէու­թիւնը:

Ինչպէս նա­խորդ տա­րինե­րուն, այս տա­րի եւս, Հա­յաս­տա­նի տա­ղաւա­րին հան­դէպ ցու­ցա­հան­դէ­սի այ­ցե­լու­նե­րուն հե­տաքրքրու­թիւնը մեծ էր՝ նկա­տի ու­նե­նալով ներ­կա­յացուած գիր­քե­րու բազ­մա­զանու­թիւնը, ինչպէս նաեւ դա­սախօ­սու­թիւննե­րուն՝ հե­ղինա­կաւոր բա­նախօս­նե­րու մաս­նակցու­թիւնը:

1986-ին հիմ­նադրուած Ժը­նեւի Գիր­քի մի­ջազ­գա­յին ցու­ցա­հան­դէ­սը իր ծա­ւալով աշ­խարհի մէջ երկրորդն է ֆրան­սա­խօս ցու­ցա­հան­դէսնե­րու շար­քին եւ ամէ­նէն մե­ծը՝ Զուիցե­րիոյ մէջ: Իւ­րա­քան­չիւր տա­րի ան կը հիւ­րընկա­լէ 100.000-է աւե­լի այ­ցե­լու­ներ, 820 հրա­տարակ­չութիւններ եւ աւե­լի քան 800 հե­ղինակներ: ■