Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ – Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին առթիւ ոգեկոչման արարողութիւն Ժընեւի մէջ

Ապրիլ 24-ին, Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած հոգեւոր արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ Ժընեւի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, առաջնորդական տեղապահ, Գուսան վարդապետ Ալճանեանի հանդիսապետութեամբ։

Վարդապետը կատարեց Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու բարեխօսական կարգ եւ հանդէս եկաւ օրուան խորհուրդին նուիրուած քարոզով։

Հոգեւոր արարողութեան յաջորդեցին երաժշտական կատարումներ, որոնց ընթացքին հնչեցին Կոմիտաս վարդապետի ստեղծագործութիւնները:

Միջոցառումը շարունակուեցաւ եկեղեցւոյ յարակից տարածքին մէջ՝ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանին մօտ, ուր զետեղուեցան ծաղկեպսակներ։

Ելոյթներով հանդէս եկան Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան, Զուիցերիոյ Հայոց միութեան (UAS) ներկայացուցիչ Արազ Գաբրիէլ եւ Զուիցերիոյ հայկական եւ հայասէր կազմակերպութիւններու խորհուրդի (CAAS) ներկայացուցիչ Վիգէն Պայրամեան։

Տիկին Տոլմաջեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցի ոգեկոչումը յարգանքի տուրք է մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակին, զօրակցութիւն՝ անասելի տառապանքներու ընդմէջէն անցած վերապրողներուն եւ անոնց զաւակներուն հանդէպ։ Ոգեկոչումը կարեւոր է նաեւ մոռացումի, անպատժելիութեան դէմ պայքարելու եւ մանաւանդ նոր ոճիրները կանխելու համար։

Դեսպանը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մեր ժողովուրդին կողքին էին եւ զօրակցութեան ձեռք երկարեցին պատմութեան փորձութեան այդ ծանր պահուն, այն բոլոր երկիրներուն, որոնք իրենց հիւրընկալ հողին վրայ ապաստան եւ վերընձիւղման հնարաւորութիւն տուին մեր բազմահազար վերապրող հայրենակիցներուն՝ առանձնապէս ընդգծելով զուիցերացի քաղաքական, հասարակական, հոգեւոր, մարդասէր բազմաթիւ գործիչներու անձնուրաց դերակատարութիւնը։

Մէջբերելով Չարենցի խօսքերը՝ դեսպանը ընդգծեց աշխարհասփիւռ հայութեան միասնականութիւնն ու համախմբումը Հայոց անկախ պետութեան կողքին՝ ի նպաստ անոր անվտանգութեան, խաղաղ զարգացման եւ յարատեւութեան։