Զուիցերիոյ Գաւառներու խորհուրդը թեր քուէարկած է Արցախի համար Խաղաղութեան հարթակ ստեղծելու բանաձեւին

Մարտ 18-ին, Զուիցերիոյ խորհրդարանի վերին պալատը՝ Գաւառներու խորհուրդը, ընդունած է «Լեռնային Ղարաբաղի համար Խաղաղութեան համաժողով. հայերու վերադարձի կարելիութեան ապահովում» խորագրեալ բանաձեւը։

Օրինագիծին թեր քուէարկած են Խորհուրդի 46 անդամներէն 29-ը։

Փաստաթուղթին մէջ  նշուած է. «Խորհրդարանականները Զուիցերիոյ իշխանութիւններուն կոչ կ’ընեն հիմնելու առանձին հարթակ՝ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազերպայճանի ներկայացուցիչներուն միջեւ երկխօսութեան կազմակերպման համար»։

Այս նախաձեռնութեան նպատակն է ապահովել բռնի տեղահանուած հայ բնակչութեան ապահով, հաւաքական եւ արժանապատիւ վերադարձը իրենց պատմական հայրենիքը»։

Այս բանաձեւը անցեալ Դեկտեմբեր 17-ին արժանացած էր խորհրդարանի ներքին պալատի՝ Ազգային խորհուրդի հաւանութեան։

Դաշնակցային խորհուրդի երկու պալատներու կողմէ հաւանութեան արժանանալէ ետք փաստաթուղթը կը ստանայ օրէնքի ուժ։