Վերջերս, Հայաստանէն Էսթոնիոյ Թարթու քաղաք մեկնած Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի նախարարութեան աշխատանքային խումբին համար հաճելի անակնկալ մը եղած է, երբ տեղւոյն համալսարանի թանգարանին մէջ տեսած են 13-րդ դարու շարակնոց մը, որ Տորփաթ ուսանելու տարիներուն համալսարանին նուիրած է Խաչատուր Աբովեան։
Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» տուն-թանգարանի տնօրէնուհի Արեւիկ Ստամբոլցեան հիացած է ի տես ձեռագիր մատեանին խնամուած վիճակին։ Ան բանակցութիւններ կը վարէ թանգարանի ղեկավարութեան հետ եւ հաւանաբար գալ տարի 13-րդ դարու շարակնոցը կը ցուցադրուի Երեւանի մէջ, բայց ատոր համար անհրաժեշտ է յատուկ պայմաններ ստեղծել։
Ստամբոլցեան յայտնած է, թէ Հայաստանի մէջ յայտնաբերուած են Աբովեանին վերաբերող նոր նիւթեր ալ, օրինակ՝ անոր ուղղուած հայերէն, ռուսերէն եւ գերմաներէն նամակներ, որոնք ի մօտոյ պիտի հրատարակուին առանձին գիրքով։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։