Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Էտուար Ֆիլիփ այցելած է Ծիծեռնակաբերդ

Ֆրանսայի նախկին վարչապետ Էտուար Ֆիլիփ՝ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Լույոյի եւ եւրոերեսփոխան Նաթալի Լուազոյի ուղեկցութեամբ, այցելած է Ծիծեռնակաբերդ։ Ան ծեղկեպսակ զետեղած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, յարգելով սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը:

Ֆիլիփի ղեկավարած պատուիրակութեան անդամները այնուհետեւ այցելած են Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան եւ ծանօթացած մնայուն եւ առժամեայ ցուցադրութիւններուն։