Թուրքիոյ մէջ իշխանութեան գլուխը գտնուող Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան բանբեր Էօմեր Չելիք, Էրտողանի եւ նշեալ կուսակցութեան երեսփոխաններուն հետ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին անդրադարձած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման նիւթին։
Թրքական «Անատոլու» պետական գործակալութեան համաձայն՝ Էօմեր Չելիք պնդած է, որ եթէ Հայաստան հրաժարի իր յարձակողական կեցուածքէն, ապա յարաբերութիւնները կրնան կարգաւորուիլ։