Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Ապրիլ 24-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին առիթով հրապարակած է մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, ուր ան ի միջի այլոց ըսած է, թէ «Ա. Համաշխարհային պատերազմի դժուար պայմաններուն մէջ կեանքը կորսնցուցած օսմանեան հայերը այս տարի եւս յարգանքով կը յիշեմ եւ անոնց թոռներուն կը յայտնեմ իմ ցաւակցութիւնս»։
Ստորեւ ուղերձը՝ ամբողջութեամբ.
«Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Մաշալեան, Թուրքիոյ հայ համայնքի արժէքաւոր անդամներ, սիրելի քաղաքացիներ, ձեզ կ’ողջունեմ իմ սրտագին զգացումներով։
Ա. Համաշխարհային պատերազմի դժուար պայմաններուն մէջ իրենց կեանքը կորսնցուցած օսմանեան հայերը այս տարի եւս յարգանքով կը յիշեմ եւ անոնց թոռներուն կը յայտնեմ իմ ցաւակցութիւնս։
Օսմանեան կայսրութեան վերջին շրջաններուն տեղի ունեցած ապստամբութիւններուն, աճող աւազակախումբերու գործունէութեան, զինեալ խումբերու գործադրած խռովարար գործողութիւններու եւ համաճարակներու պատճառով իրենց կեանքը կորսնցուցածներու ցաւերը տակաւին կը զգանք մեր սրտերուն մէջ։ Միւս կողմէ, համոզուած ենք, թէ անցեալի ազդու յիշատակները պէտք չէ, որ գերի առնեն այսօրն ու ապագան ու որպէս 86 միլիոն, գիտակից ենք, որ մեր ապագան պէտք է միասին կառուցենք։ Պատմութենէն թշնամութիւն պեղողները, մեր միջեւ հզօր կամուրջներն ու կապերը քանդել փորձողները, մինչեւ այսօր չյաջողեցան հասնիլ իրենց նպատակին։
Այս հայրենի հողերուն վրայ երկար դարեր միասին ապրածներս՝ ինչպէս անցեալին, այնպէս ալ այսօր կը շարունակենք կիսել մեր ուրախութիւնն ու տխրութիւնը։
Ինչ պատճառով ալ ըլլայ, նոյնիսկ մեր մէկ քաղաքացիին խտրականութեան ենթարկուիլը, մեկուսացուիլը, օտարացուիլը չենք արտօնած եւ այսուհետեւ ալ պիտի չարտօնենք։
Մեր երկրի մշակոյթին, արուեստին, քաղաքականութեան, տնտեսութեան, կրթութեան եւ ընկերային կեանքին արժէքաւոր նպաստներ բերող մեր հայ քաղաքացիներուն խաղաղութիւնը, ապահովութիւնն ու բարօրութիւնը,– ինչպէս մեր բոլոր քաղաքացիներունը,– պիտի շարունակեն մեր առաջնահերթութիւնը մնալ։
Այնպէս ինչպէս Թուրքիան միասնաբար հասցուցինք այս օրերուն, նո՛յնպէս ալ Թուրքիոյ դարը պիտի կառուցենք միասնաբար, ուս-ուսի։
Մահիկով ու աստղով զարդարուած կարմիր դրօշի՝ խաղաղութիւն պարգեւող ստուերին տակ, որպէս Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատուոյ քաղաքացիներ, յաւիտեանս ազատօրէն պիտի ապրինք։
Այս մտքերով կը կրկնեմ, որ անկեղծօրէն կը կիսեմ հայ համայնքին՝ անցեալին ապրած ցաւերը եւ յարգանքով կը յիշեմ իրենց կեանքը կորսնցուցած օսմանեան քաղաքացիները»։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։