Փետրուար 25-ին, աշխատանքային այցով Պոլիս ժամանած է Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։ Նոյն օրը զինք ընդունած է իր թուրք պաշտօնակից Ռեճեփ-Թայիփ Էրտողան։
Էրտողան եւ Ալիեւ ի շարս այլ հարցերու քննարկման, միտքեր փոխանակած են Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջև յարաբերութիւններու կարգաւորման, ինչպէս նաև խաղաղութեան օրակարգին շուրջ։