Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդած է, թէ իր երկրին համար կարեւոր է տարածաշրջանի եւ աշխարհի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատումը, իսկ այդ ուղղութեամբ առաջնահերթ լծակներն են երկխօսութիւնն ու դիւանագիտութիւնը։
Ան ուշադրութիւն հրաւիրած է Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող կացութեան վրայ՝ նշելով, որ Պաքուի ու Երեւանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթի խթանումը էական ներդրում կ՚ունենայ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ։
“Խաղաղութեան դռները կիսաբաց են այնքան վիշտեր տեսած տարածաշրջանին մէջ, հետեւաբար պէտք չէ այս առիթը փախցնել եւ հարկ է գործել պատասխանատու կերպով”,– ընդգծած է Թուրքիոյ ղեկավարը։
Միաժամանակ ան «կարեւոր քայլ» որակած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Անգարա կատարած վերջին այցելութիւնը։
“Դրական արձագանգելով թրքական կողմի հրաւէրին՝ Փաշինեան իր երկրին մէջ յաղթահարեց բազմաթիւ խոչընդոտներ եւ ընդդիմադիր տրամադրութիւններ։ Արարողութեան ընթացքին ես առիթ ունեցայ կարճ շփում մը ունենալու անոր հետ եւ իմ երախտագիտութիւնը յայտնեցի Թուրքիա ժամանելուն կապակցութեամբ”,– ըսած է Էրտողան, նաեւ «կարեւոր» համարելով Հայաստանի վարչապետին խօսքերը՝ Ազերպայճանի հողային ամբողջականութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ։
“Սակայն, Հայաստանի մէջ բացասական տրամադրութիւններ կան Փաշինեանի դէմ, բայց կարեւորը այն է որ ցարդ ան ո՛չ մէկ յետքայլ կատարած է”,– ըսած է Թուրքիոյ նախագահը, միաժամանակ ընդգծելով, որ Անգարա կը շարունակէ սերտ համագործակցութիւնը Ազերպայճանի հետ՝ թրքական աշխարհի միասնութիւնը ամրապնդելու համար։
Էրտողանի պնդումով՝ «Զանգեզուրի միջանցքին դէմ է ոչ թէ Հայաստան, այլ՝ Իրան»
Յուլիս 14-ին, Պաքուէն Թուրքիա վերադարձի ճամբուն վրայ պատասխանելով լրագրողներու՝ Նախիջեւանը Ազերպայճանին կապող «Զանգեզուրի միջանցք»-ին վերաբերող հարցումին Էրտողան ըսած է, թէ ատոր դէմ է ոչ թէ Հայաստան, այլ՝ Իրան։
“Այս հարցին մէջ Իրանի մօտեցումը կը հիասթափեցնէ մեզ և Ազերպայճանը։ Ես կը փափաքիմ, որ մենք կարողանանք շուտով յաղթահարել այդ խնդիրը։ Եթէ Իրան դրական մօտեցում ցուցաբերէ, ապա Թուրքիան, Իրանը եւ Ազերպայճանը կը կապուին իրարու, եւ մենք կրնանք կառուղային եւ երկաթուղային ճամբաներով Փեքին-Լոնտոն ուղի ունենալ”,– նշած է ան։