«Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան անդամներուն հետ հանդիպումին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կրկին անգամ յայտարարած է, թէ իր երկիրը մասնակցած է 2020-ի Արցախի եւ Հայաստանի դէմ Ազերպայճանի սանձազերծած պատերազմին։
“Մենք Ղարաբաղի մէջ օգնութեան հասանք մեր եղբայրներուն: Նոյնը ըրինք նաեւ Լիպիոյ մէջ: Թուրքիա այնտեղ է, ուր իր եղբայրներն են”,– ըսած է ան: