Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Էքուաթորէն Հայաստան շուրջ մէկ թոն թմրեցուցիչ ներածուած է

Ազգային Անվտանգութեան ծառայութիւնը մանրամասնութիւններ կը հաղորդէ

«Արմէնփրէս»-ի համաձայն՝ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) քննչական վարչութեան՝ 2023 Մայիս 13-ին վարած նախաքննութեան շրջանակին մէջ կատարուած գործողութիւններու շնորհիւ ի յայտ դարձած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործող եւ միրգերու ներածումով զբաղող ընկերութեան մը կողմէ Էքուաթոր գտնուող ընկերութենէն պատուիրուած ապրանքի հետ տարանցիկ երկիրներու՝ Փանամայի, Իտալիոյ եւ Վրաստանի տարածքով  Հայաստան ներածած է շուրջ մէկ թոն քոքային (մօտաւորապէս՝ 250 միլիոն եւրօ արժողութեամբ), որ յայտնաբերուած է եւ կը գտնուի ԱԱԾ-ի քով:

Նախաքննութիւնը կը շարունակուի: