Սփիւռքի գործոց գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի համաձայն՝ Երեւան տուեալներ ունի Հայաստանի աւելի քան 2.000 քաղաքացիներու՝ Միացեալ Նահանգներէն արտաքսուելու հաւանականութեան մասին։
“Մեր տուեալներով, ԱՄՆ-էն արտաքսման ենթակայ է նուազագոյնը 2.000 Հայաստանի քաղաքացի, սակայն իրական թիւը կրնայ շատ աւելին ըլլալ”,– նշած է Սինանեան եւ աւելցուցած, թէ «տակաւին յստակ չէ, թէ քանի հոգի արդէն արտաքսուած է։ Այդ հարցով այլ կառոյցներ կը զբաղին, իսկ արտաքսուած քաղաքացիներն ալ չեն կրնար Սփիւռքի մաս համարուիլ, նկատի ունենալով, որ անոնք ապօրինի կերպով ԱՄՆ գտնուած են»։
Ասպարէզ»-ի համաձայն՝ Յունուարի աւարտին, Միացեալ Նահանգներու Ներգաղթի եւ մաքսային ծառայութիւնը (ICE) հրապարակած է զեկոյց մը, ուր նշուած էր, թէ ըստ անօրէն ներգաղթեալներուն դէմ նախագահ Տանըլտ Թրամփի քաղաքականութեան, Հայաստանի 2.808 քաղաքացիներ պէտք է արտաքսուին։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։