Թեհրանի մէջ զօրակցութեան հանրահաւաք` ի պաշտպանութիւն Արցախի եւ Արցախահայութեան 

Մեր պաշտօնակից «Ալիք»-էն կը տեղեկանանք, թէ Յունուար 27-ին, Թեհրանի Սուրբ Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցած է հանրահաւաք՝ ի զօրակցութիւն Արցախի եւ Արցախահայութեան՝ հազարաւոր Իրանահայերու մասնակցութեամբ:

Հաւաքին ելոյթ ունեցած են հիւրաբար Թեհրան գտնուող Արցախի Մարդկային իրաւանց պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան երեսփոխանուհի Ասպրամ Կրպէեան եւ Թեմակալ առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեան, ինչպէս նաեւ հեռարձակուած է Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի ուղերձը:  

Աւարտին կարդացուած է մասնակիցներու յայտարարութիւնը, որոնք կը պահանջեն միջազգային հանրութեան, մասնաւորապէս՝ Իրանի անմիջական միջամտութիւնը՝ բանալու Բերձորի միջանցքը, ինչպէս նաեւ ստեղծելու Արցախի բնիկ հայ ժողովուրդը ազերպայճանական ցեղասպանական արարքներէն պաշտպանելու գործիքակազմ: 

Լուսանկարները՝ ՀԱՏԻՍԻ