Թեհրան եւ Պաքու կ՚ակնարկեն ռազմական ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութեան։ Քանի մը շաբաթ առաջ երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ աննախադէպ ճգնաժամը յաղթահարած թուացող դրացի երկիրներու իշխանութիւնները կը քննարկեն նաև ռազմական կապերու խորացման ուղղուած քայլերը։
Ազէրպայճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով,– որ պաշտօնական այցով Թեհրան կը գտնուի,– հանդիպումներ ունեցած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի եւ ռազմական մարզի ղեկավարութեան հետ։
Ռայիսի նշած է, թէ իրանցի և ազէրպայճանցի ժողովուրդները դարերով ապրած են բարիդրացնութեան պայմաններու մէջ, և այսօր երկկողմանի յարաբերութիւնները յաջողութեամբ կը զարգանան բոլոր հարթակներու վրայ։
Կողմերը համաձայնած են անցեալին թողել լարումը և բանալ նոր էջ։ Թէ՛ Պաքուի, թէ՛ Թեհրանի մէջ կը յայտարարեն, որ այդ գործին մէջ շրջադարձային եղած է երկու նախագահներու անցեալ տարուան Նոյեմբերին Թիւրքմէնիստանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը։