ԹԵՀՐԱՆ – Իրանահայ լուսանկարիչին բացառիկ ցուցահանդէսը

Փետրուար 5-ին, Թեհրանի ազգային թանգարանի կեդրոնական պատկերասրահին մէջ բացումը կատարուած է «Իրան. Սրբացած երկիր» խորագրեալ Հերպերթ Քարիմ Մասիհիի լուսանկարչական ցուցահանդէսին:

Պատկերասրահի չուրս դահլիճներուն մէջ ցուցադրուած աւելի քան 60 լուսանկարներով, իրանահայ լուսանկարիչը կը պատմէ հազարամեակներու քարակերտ կոթողներու մասին, զորս լուսանկարելու համար ան տրամադրած է աւելի քան տասը տարի: Արուեստագէտը արդէն յայտնի է իբրեւ պատմական կոթողներու լուսանկարիչ եւ հնագոյն իրեր լուսանկարելու ուրոյն ոճ ունի: Նիւթին անոր հայեացքը կարելի է մեկնաբանել որպէս՝ վաւերագրականի ու կերպարուեստի ոճերու միաձուլում։

Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ  Փետրուար 20: