Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԹԻՖԼԻՍ – Հոգեհանգիստ՝ Սումկայիթի ոճրագործութիւններու 35-րդ տարելիցին կապակցութեամբ

Փետրուար 26-ին, Թիֆլիսի Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Կիրակոս վրդ. Դաւթեանի հանդիսապետութեամբ, խորանի փակ վարագոյրի ետին մատուցուած է կիրակնօրեայ պատարագ: Վիրապ քհնյ Ղազարեան յաւուր պատշաճի  քարոզ խօսած է Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ օրացոյցով սկսած Մեծ պահքի երկրորդ Կիրակիի խորհուրդին մասին: Ան  իր քարոզին մէջ անդրադարձած է 1988 Փետրուար 27–29-ի օրերուն խորհրդային Ազերպայճանի Սումկայիթ քաղաքին հայ ազգաբնակչութեան դէմ գործուած  եղեռնին ու զանգուածային տեղահանութեան:

Հաւատացեալներով լեցուն եկեղեցւոյ մէջ Առաջնորդ հօր նախագահութեամբ եւ հոգեւորականաց ու  սարկաւագաց դասի  մասնակցութեամբ, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուած է հայատեացութեան զոհ դարձած անմեղ մարդոց հոգիներու խաղաղութեան համար: