Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԹԻՖԼԻՍ – Պատարագ եւ պահանջատիրական ցոյց

Ապրիլ 24-ի առաւօտեան, Թիֆլիսի մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին առթիւ՝ վիրահայոց թեմի Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած է պատարագ եւ բարեխօսական կարգ, հանդիսապետութեամբ Թեմակալ առաջնորդ Կիրակոս եպիսկոպոս Դաւթեանի, ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն։

Նոյն օրը երեկոյեան տեղի ունեցած է պահանջատիրական ցոյց մը՝ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ, ուր ցուցադրուած են «Հայոց ցեղասպանութիւն 1915-2025» նիւթին շուրջ լուսանկարներ։

Ցոյցի ընթացքին մասնակիցները ստորագրած են Ազերպայճանի մէջ բանտարկուած հայ գերիներու ազատ արձակման նպատակով պատրաստուած խնդրագիրը: