Թուրքիոյ «Ազգայնական շարժում»-ի կուսակցապետ Տեվլէթ Պահչէլի կրակ ժայթքած է հայազգի երեսփոխան Կարօ
Փայլանի հասցէին, սպառնալիքներ հնչեցուցած ու յանձնարարած՝ որ ան լքէ Թուրքիան:
Պահչէլի խօսելով Փայլանի ու Խորհրդարանին անոր ներկայացուցած Հայոց ցեղասպանութեան օրինագծի առաջարկին մասին, սպառնացած է, որ խորհրդարանը երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէն պիտի զրկէ Փայլանը, որովհետեւ անոր ըրածը դաւաճանութիւն է, հակառակը կամ շիտակը չկայ: “Կա՛մ Փայլան պիտի ըսէ որ խորհրդարանը իր խորհրդարանը չէ եւ կամ՝ խորհրդարանը անհրաժեշտը կ՚ընէ ու Փայլանը դուրս կը նետէ”,– ըսած է Պահչէլի: “Ուր կ՚ուզէ թող երթայ, թող կապ հաստատէ հայկական սփիւռքին հետ: Ես կը յանձնարարեմ, որ Ամերիկա երթայ”,– ըսած է ազգայնական կուսակցապետը: