Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԹՈՒՐՔԻԱ – Ալէն Սիմոնեան. «Նեմեսիսի յուշարձանը տեղադրուած է քաղաքային իշխանութիւններու որոշումով»

Մայիս 4-ին, Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին յայտարարած է, թէ Նեմեսիսի յուշարձանը տեղադրուած է քաղաքային իշխանութիւններու որոշումով։

“Կը ցաւիմ, որ յուշարձանի տեղադրումը այսքան մեծ արձագանգ գտած է Թուրքիոյ մէջ: Որոշումը կայացուցած է տեղական ինքնակառավարման մարմինը, եւ ես չեմ ուզեր, որ այդ հոս ընկալուի իբրեւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան դրսեւորում կամ որպէս ոչ-բարիդրացիական քայլ”,– ըսած է Սիմոնեան՝ յստակացնելով, որ Հայաստանի մէջ պետական արտաքին քաղաքականութիւնը կ՚իրականացուի վարչապետին եւ Արտաքին գործոց նախարարին կողմէ:

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը ընդգծած է, թէ միշտ ալ կարելի է յարաբերութիւնները վատթարացնելու պատճառներ գտնել։

“Ես ալ կրնայի հազար տարբեր պատճառ գտնել Թուրքիա չժամանելու համար, բայց ես այստեղ եմ, թուրք հասարակութեան ըսելու համար, որ Հայաստան պատրաստ է խաղաղութեան եւ յարաբերութիւններու բարելաւման՝ առանց նախապայմանի”,– ըսած է Սիմոնեան: