Մեքսիայի Ծերակոյտը 2023 Փետրուար 8-ին ընդունած է բանաձեւ մը, որով կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը՝ վկայակոչելով մարդու համընդհանուր իրաւունքներու պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը։
Խորհրդարանը կը յորդորէ Արտաքին յարաբերութիւններու քարտուղարութեան աջակցիլ՝ Մեքսիքայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումին։
Թուրքիա, հակառակ երկրին մէջ տեղի ունեցած հզօր երկրաշարժին եւ տասնեակ հազարաւոր զոհերուն ու վիրաւորներուն, առիթը չէ փախցուցած դատապարտելու Մեքսիքայի խորհրդարանի արդար որոշումը՝ զայն անուանելով «պատմութիւնը վերաշարադրելու փորձ՝ քաղաքական շարժառիթներով»։
«Մենք կը քննադատենք այս որոշումը եւ կը յիշեցնենք, որ օրէնսդիր մարմինները լիազօրութիւն չունին պատմութիւնը մեկնաբանելու եւ դատելու համար։ Կը ցաւինք, որ այս որոշումը կը զուգադիպի երկրաշարժի հետեւանքով կատարուող որոնման ու փրկարարական աշխատանքներուն հետ, որոնց կը մասնակցի նաեւ Մեքսիքայէն ժամանած անձնակազմը… Կոչ կ՚ընենք Ծերակոյտին սրբագրելու սխալը…»,– նշուած է այս առթիւ հրապարակուած Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։