Ազերպայճանի զինեալ ուժերու միացեալ զօրախումբի խումբ մը զինուորականներ կը մասնակցին Թուրքիոյ մէջ կայանալիք ռազմափորձերուն։
Ազերպայճանական լրասփիւռներու հաղորդած տեղեկութիւններու համաձայն՝ զինուորականները մեկնած են Թուրքիա՝ մասնակցելու «Հեյտար Ալիեւ-2023» միատեղ մարտավարական ռազմափորձերուն՝ նուիրուած Հեյտար Ալիեւի 100-ամեակին։
Կարսի մէջ տեղի ունենալիք ռազմափորձերուն հիմնական նպատակն է ապահովել մարտական գործողութիւններու ընթացքին զօրքերու համակարգումը, փորձառութեան փոխանակումը եւ բարձրացնել անձնակազմի արհեստավարժութեան մակարդակը։