Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԹՈՒՐՔԻԱ – Էրտողան Շուէտի ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան հարցը կապած է Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան

Ծանօթ է, որ Թուրքիա խստօրէն կ՚ընդդիմանայ Շուէտի՝ ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան, պատրուակելով այդ երկրին «քրտական ահաբեկչութեան ցուցաբերած նեցուկը»։  

Օր չ՚անցնիր, որ իշխանամէտ թուրք մամուլին մէջ, այդ պատրուակի ջաղացքին ջուր կրող լուրեր լոյս չտեսնեն։ 

Եւ մինչ դեռ երէկ այդ մամուլը դարձեալ այդպիսի լուրեր հրապարակելով կը խորագրէր «Դեռ շատ կը սպասես Շուէտ», հիմա յանկարծ հովը փոխած է իր ուղղութիւնը։

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան, Պոլսոյ մէջ, Վիլնիիւսի ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին մեկնելէ առաջ  յայտարարած է, որ Թուրքիա կրնայ իր հաւանութիւնը տալ Շուէտի անդամակցութեան, եթէ Եւրոպացիները ԵՄ-ի անդամակցութեան հարցին մէջ «ճամբայ բանան» Թուրքիոյ առջեւ եւ այդ գծով վերսկսի երկխօսութիւնը։

“Նախ՝ ճամբայ բացէք Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան համար, այնուհետեւ մենք ճամբայ կը բանանք Շուէտի դիմումին համար, ինչպէս, որ ըրինք Ֆինլանտիոյ պարագային: Թուրքիա 50 տարի է կը սպասէ Եւրոպական Միութեան դռներուն առջեւ”,– ըսած է ան:

Որքա՜ն վստահելի քաղաքական կեցուածք։ Շուէտի անդամակցութեան դէմ հրապարակ հանուած պատճառ/պատրուակը յանկարծ չէզոքացած է եւ այդ նոյն անդամակցութիւնը հիմա դարձած՝ սակարկութեան գործիք։ 

Դեռ անտեղեակներուն համար՝ ահաւասիկ վստահելի նոր գործընկեր մը եւս։

Ականջը խօսի տիկին Վոն տեր Լեյէնին։