Թուրքիոյ Տերսիմ (թրքերէն՝ Թունճելի) նահանգին մէջ գտնուած է անցեալ տարի պատմական վայրէ մը գողցուած եւ փնտռուող հայկական գերեզմանաքարը։
Խոյի գլուխով պատկեր մը կրող այդ գերեզմանաքարը գողցուած էր Տերսիմի կեդրոնին ենթակայ Չըլկա գիւղի շուրջ 500-ամեայ գերեզմանոցէն, անցեալ տարուան Նոյեմբերին։ Այդ մասին Տերսիմի թանգարանային տնօրէնութեան յայտնած էին տեղւոյն բնակիչները։ Թանգարանի իրաւասուներն ալ դիմած էին դատախազութեան եւ անվտանգութեան ուժերուն։
Շուրջ 200 քկ. ծանրութեամբ այդ գերեզմանաքարը նկատուած է Տերսիմի Պուզլուփընար գիւղի լքուած մէկ տան ետեւի բաժնին մէջ։ Զայն ծածկած են այլ քարերով, որպէսզի աննկատ մնայ։ Համապատասխան մարմինները քարը յայտնաբերելէ անմիջապէս յետոյ փոխադրած են թանգարան։
Ի դէպ, թրքական լրասփիւռները չեն նշեր գերեզմանաքարին հայկական բնոյթին մասին։ Սակայն գերեզմանաքարին վրայ փորագրուած պատկերները կ՚ապացուցեն անոր հայկականութիւնը։