Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԹՈՒՐՔԻԱ – Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ ութամեայ ընդմիջումէ ետք Սուրբ յարութեան պատարագ մատուցուած է

Ապրիլ 9-ին, Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ ութամեայ ընդմիջումէ ետք առաջին անգամ Սուրբ յարութեան պատարագ մատուցուած է։ Եկեղեցին 2015-ի թուրք-քրտական ընդհարումներու հետեւանքով վնասուած էր ու փակուած եւ միայն անցեալ տարուան Մայիսին վերաբացուած էր։

«Ակօս»-ի համաձայն՝ պատարագը մատուցած են Պոլսէն այդ նպատակով Տիգնարակերտ ժամանած հոգեւոր հայրերը։

Յիշեցնենք, որ Սուրբ Կիրակոսը բարեբախտաբար չէր տուժած անցեալ Փետրուարին տեղի ունեցած երկրաշարժերէն։ Ինչ կը վերաբերի Վագըֆ գիւղի եկեղեցիին, ապա հոն Զատկուան պատարագը մատուցուած է եկեղեցւոյ սրահին մէջ, քանի որ խորանը աւերուած է երկրաշարժին պատճառով։

Ի դէպ, Վագըֆէն առժամեայ Պոլիս փոխադրուած հայ բնակչութեան մեծ մասը Զատկուան տօնին առիթով հայրենի գիւղ վերադարձած է։