ԹՈՒՐՔԻԱ – Ցոյց Էրտողանի դէմ՝ Երիտ. թուրքերու երրեակի պատկերներով

Թրքագէտ Մհեր Աբրահամեան Դիմագիրքի իր էջին հրապարակած է հետեւեալ գրառումը.

«Թուրքերը Էսքիշեհիր քաղաքին մէջ ցոյցի ելած են Էրտողանի դէմ Երիտ. թուրքերու երրեակի՝ Ճեմալի, Թալաաթի, Էնվէրի պատկերներով: Ահաւասիկ ապացոյց մը, որ բոլոր պարագաներուն ու ո՛վ ալ ըլլայ իշխանութեան գլուխ գտնուողը՝ Թուրքիա պիտի չփոխէ իր դիրքորոշումը հայերու նկատմամբ: Երիտթուրքերը, քեմալականները, էրտողանականները իշխանութեան եկած են հայերուն խաղաղութիւն խոստանալով, բայց իրագործած են ցեղասպանութիւն Արեւմտեան Հայաստանի, Արեւելեան Հայաստանի եւ Արցախի մէջ»: