Թուրքիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Կարօ Փայան այս օրերուն Վանի նահանգին մէջ ծանօթացած է հայկական եկեղեցիներու, վանքերու եւ պատմական ու կրօնական այլ յուշարձաններու վիճակին:
Ան այցելած է նաև Վան նահանգի Պաշքալէ շրջանը գտնուող Սուրբ Բարթուղիմէոս հայկական վանք, որ այժմ կիսաքանդ վիճակի մէջ է:
Լրասփիւռներու հետ ասուլիսին հայ երեսփոխանը խօսելով պատմական նշեալ կոթողին մասին, ըսած է.-
“Վանքը ամբողջութեամբ քանդուած է: Պահպանուած է մուտքի դռան կամարը, սակայն գմբէթը աւերուած է: Այս վանքը 1600 տարի կանգուն էր, սակայն վերջին 100 տարուան ընթացքին քանդուեցաւ, լքուեցաւ եւ այժմ միտումնաւոր կ՚ոչնչացուի: Այստեղէն կը դիմեմ Թուրքիոյ Մշակոյթի նախարարութեան: Ի՞նչ կը կարծէք, այս վանքի ոչնչացումէն ի՞նչ շահ կայ: Ի՞նչ կը մտածէք, Թուրքիա պիտի շահի՞, թէ՞ պիտի կորսնցնէ այս վանքի ոչնչացումէն”:
Աւանդութեան համաձայն՝ վանքը, որ հիմնադրուած է առաջին դարուն Սանատրուկ թագաւորին կողմէ Բարթուղիմէոս առաքեալի գերեզմանին վրայ, միջնադարուն եղած է Աղբակ գաւառի առաջնորդանիստ։ Անոր եկեղեցին 13-րդ դարուն կառուցուած է հնագոյն բազիլիքի հիմքին վրայ:
1915-1916 թուականներուն վանքը անցած է թուրք զինուորականներու վերահսկողութեան տակ: 1990-ական թուականներէն օգտագործուած է որպէս յատուկ զօրամասի յենակէտ։ Վանական համալիրը մեծապէս տուժած է 1966-ի երկրաշարժէն։ Եկեղեցւոյ գմբէթը կանգուն մնացած է մինչեւ 1960-ական թուականները, սակայն անկէ ետք ամբողջ կառոյցը աստիճանաբար փլած է, եւ գմբէթէն ոչինչ մնացած է։