Զմիւռնիոյ Յոյներու եւ Հայերու կոտորածներու 100-ամեակի այս օրերուն՝ ոչինչ, ոչ մէկ բան, քան Թուրքիոյ Պաշտպանութեան նախարարին խօսքերը կրնային աւելի լաւ ապացուցել, որ 100 տարի ետք ալ նո՛յն Թուրքն է, նո՛յն մտայնութեամբ, ոչի՛նչ փոխուած է։ Եւ կարելի է երեւակայել, թէ երբ երկրին գլխաւոր նախարարութիւններէն մէկուն աթոռին նստած անձը նման ձեւով կ՚արտայայտուի (արդէն նախագահին ոճն ու բառամթերքն ալ ծանօթ են), ի՛նչ կրնայ ըլլալ սովորական քաղաքացիին (անշուշտ ոչ բոլորը) խմորումը։
Առջի տարի, քարիւղի եւ կազի որոնումներու նպատակով թրքական կողմին նախաձեռնած հորատումներուն պատճառով Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ լարում ստեղծուած էր արեւելեան Միջերկրականի ծովային սահմաններուն շուրջ։ Որոշ մեղմացումէ ետք, ներկայիս այդ լարումը կրկին վերարծարծուած է, այս անգամ ալ ծովային խնդրոյ առարկայ տարածքին մէջ գտնուող յունական շարք մը կղզիներու պատճառով, որոնց պատկանելիութիւնը վիճայարոյց դարձուցած է Անգարա, պնդելով որ իրն են, միշտ ծովային սահմաններու իւրայատուկ բնորոշումով։ Եւ հոն եւս, ամէն օր, Արցախի ու Հայաստանի օրինակով՝ գրգռութիւններ կը վերագրուին Յոյներուն։
Թուրքիոյ Պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար, վերջերս, այս հարցին մասին արտայայտուելու ընթացքին, օրինակ տալով յունական Մէիս կղզին, ու նկարագրելու համար թէ ան որքան մօտ է Թուրքիոյ ցամաքին (որովհետեւ՝ չէ՞ որ եթէ Թուրքիոյ մօտ է՝ ուրեմն Թուրքիոյ կը պատկանի, կամ պէ՛տք է պատկանի -«ՆՅ») յայտարարած է.- “Ան կը գտնուի Թուրքիայէն միայն 1950 մեթր հեռաւորութեան վրայ։ Ռազմական վարժարաններու ուսանողութեան լողալու միջին կարողութիւնը 2.000 մեթր հեռաւորութիւն է։ Ռազմական վարժարանի սովորական ուսանող մը կրնայ հոն լողալով երթալ”։
Յունաստանի Պաշտպանութեան նախարար Նիքոս Փանայոթոփուլոս ալ, որ առջի օր Մէիս կղզի գացած է, հոնկէ նայելով դիմաց՝ դէպի թրքական ափի Քաշ գաւառը, հեգնելով իր թուրք պաշտօնակիցը, ըսած է.- “Ի՞նչ կ՚ըսէք, ծով ցատքեմ, լողալով դիմաց երթամ-գա՞մ։ Եղածը 2 միլ է”։
Փանայոթոփուլոսի այս խօսքերը ոսկէ առիթ ընձեռած են թուրք նախարարին, իր երեւակայութիւնը արտաբերելու եւ մութ երազանքները ործկալու։ Ան ըսած է.-
“Շնորհաւորութիւն… Դատելով իրենց վերջին շրջանի գրգռութիւններէն՝ կը կարծէինք որ՝ մոռցած են լողալը*։ Եթէ այս ձեւով շարունակեն՝ այնպէս կը թուի, թէ լողալ գիտնալը իրենց շատ պիտի ծառայէ” (ակնարկելով՝ իրենց այնքան հպարտօրէն ու անվերջ յիշատակած՝ «Զմիւռնիոյ մէջ Յոյները ծով թափել»-ու դրուագին – «ՆՅ»)։
Աքար իր խօսքը շարունակած է անհեթեթ ու անհիմն գլուխգործոցներով. բայց զանց պիտի առնենք, խնայելու համար մեր ընթերցողներու ջիղերուն։
* Sic – ինչ որ արդէն ինքնին սխալ տրամաբանութիւն կամ բանաձեւում մըն է որպէս նախամուտ յաջորդող խօսքերուն։ Բայց, հաւանաբար այդ յաջորդող խօսքերուն «հնարամտութիւն»-ն ու «լիցք»-ը պահ մը խանգարած են զինք, կամ ալ մնացեալը կարեւորութենէ զուրկ դարձած է, նկատի ունենալով վերջին բաժնին «փառահեղութիւն»-ը – «ՆՅ»։