Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Թուրք լրագրողը՝ ի պաշտպանութիւն Արցախահայութեան. «Խղճուկ թուրք ազգայնականները զիս “դաւաճան” կ՚անուանեն» 

Թուրք լրագրող Ուզայ Պուլութ յոյս յայտնած է, որ Արցախահայութիւնը իրեն բաժին հասած այս դժուարութիւնը եւս կը յաղթահարէ։

Ան X-ի (նախկին Twitter) իր հաշիւին գրած է․

«Արցախահայութեան՝ իր պապենական հայրենիքը պահպանելու համար ամբողջ դարեր արիւնով, քրտինքով ու արցունքներով կռուած ըլլալը աւելի անտանելի կը դարձնէ ազերպայճանական շրջափակումը։ Արցախահայութիւնը յաղթահարած է անցեալի բոլոր դժուարութիւնները։ Կը յուսանք, որ անոնք այս մէկը նոյնպէս կը յաղթահարեն»:

Աւելի ուշ, Պուլութ այլ գրառումով ալ պատասխանած է Թուրքերուն կողմէ իրեն ուղղուած մեղադրանքներուն․

«Խղճուկ թուրք ազգայնականները զիս “դաւաճան” կ՚անուանեն։ Ըստ անոնց, իրական, հայրենասէր Թուրքը պէտք է հպարտանայ Հայերու բնաջնջումով։

Կը խնդրեմ, վայրկեան մը մտածենք այս մասին»: