Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Թուրք քաղաքագէտ.– «Թրքական զէնքի արտածումը 2022-ին գերազանցած է 4 միլիառ տոլարը»

 

Թուրք քաղաքագէտ Իրֆան Քայա Իւլկեր haqqin.az-ին հաղորդած է, թէ 2022-ին թրքական զէնքի արտածումը գերազանցած է 4 միլիառ տոլարը, որ շուրջ 36 տոկոսով աւելի է 2021-ի բաղդատմամբ։ 

Ան աւելցուցած է, թէ արտածման 98 տոկոսը կազմած է Bayraktar անօդաչուներու վաճառքը։ Ըստ քաղաքագէտին՝ թրքական ռազմական արդիւնաբերութեան համակարգի զարգացման համար կարեւոր էր Պայրաքթարներու կիրարկումը Ղարաբաղի դէմ պատերազմի ժամանակ։

«Մէկ կողմէ՝ Անգարա հզօր աջակցութիւն ցուցաբերեց եղբայր Ազերպայճանին, միւս կողմէ՝ մարտական պայմաններու տակ փորձարկեց եւ ամբողջ աշխարհին ցուցադրեց իր սեփական ռազմական արհեստագիտութիւնը»,– ըսած է Իւլկեր։