Յուլիս 19-ին, ծերակուտականներու հետ ճաշի ընթացքին թուարկելով իր արտաքին դիւանագիտական յաջողութիւնները՝ ԱՄՆ-ու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հպանցիկ կերպով անդրադարձած է նաեւ հայ-ազերպայճանական յարաբերութիւններուն՝ Հայաստանի ու Ազերպայճանի միջև խաղաղութիւնը համարելով «բաւական մօտ»։
“Հայաստան ու Ազերպայճան. մենք այնտեղ հրաշք գործեցինք եւ [խաղաղութեան համաձայնագիրը] բաւական մօտ է, թերեւս ալ արդէն իրականացած”,– ըսած է Սպիտակ տան ղեկավարը:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։