Թրքական իշխանամէտ մամուլը՝ ընդդիմութեան տնտեսական ծրագրերը վարկաբեկելու նպատակով, կը փորձէ նսեմացնել ամերիկաբնակ պոլսահայ տնտեսագէտ Տարօն Աճեմօղլուի մասնագիտական վարկանիշը:
Ի՞նչ պատահած է։
Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր ուժ համարուող «Ժողովրդական հանրապետական կուսակցութեան» (ԺՀԿ-CHP) առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլու Թուրքիոյ տնտեսութեան զարգացման վերաբերեալ իր ծրագրերուն մէջ մեծ տեղ յատկացուցած է նաեւ Աճեմօղլուին՝ զայն ընդգրկելով ցանկին մէջ բարձրաստիճան այն մասնագէտներուն, որոնցմով կը նախատեսէ շրջապատուիլ յառաջիկայ ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրելու պարագային։
Թրքական իշխանական քարոզչամեքենան պոլսահայ աշխարհահռչակ տնտեսագէտը եւ ընդդիմութիւնը վարկաբեկելու նպատակով առաջադրած է այն թեզը, որ նախապէս օգնութեան խնդրանքով Տարօն Աճեմօղլուին դիմած էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, սակայն ատոր հետեւանքով իբրեւ թէ Հայաստանի տնտեսութիւնը աւելի վատ վիճակի մէջ յայտնուած է:
Գրեթէ զրպարտութիւն չէ մնացած, որ չյղուի Աճեմօղլուի դէմ։ Իշխանամէտ ամէն մէկ գլուխէ տարբեր մեղադրանք կը հնչէ խեղճ տնտեսագէտին հասցէին. ոմանք զայն կ՚ամբաստանեն Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական որակուած FETÖ կազմակերպութեան անդամ ըլլալու յանցանքով, ուրիշներ կը պնդեն՝ «Չէ՞ որ Քըլըչտարօղլուն ալ ծագումով հայ է (մինչդեռ ենթական կը պնդէ, թէ տերսիմցի ալեւի է), Հայը Հայուն հետ ձեռք-ձեռքի տուած՝ կեանքի պիտի կոչեն Թուրքիան աւերելու իրենց կեղտոտ ծրագիրը»…, եւ մասամբ նորին։