ԺԸՆԵՒ – Թուային տարածքին մէջ սեռային խտրականութեան հարցերու նուիրուած  գիտաժողով

Ապրիլ 2-ին, Ժը­նեւի մէջ, ՄԱԿ-ի Եւ­րո­պայի Տնտե­սական Յանձնա­ժողո­վի՝ Կա­յուն Զար­գացման Տա­րածաշրջա­նային Ֆո­րու­մի (ԿԶՏՖ) եր­դի­քին տակ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ գի­տաժո­ղով մը, որ նո­ւիրո­ւած է թո­ւային տա­րած­քին մէջ սե­ռային խտրա­կանու­թեան, կի­ներու դիր­քի բա­րելաւ­ման հար­ցե­րուն։

Ձեռ­նարկը կը կազ­մա­կեր­պո­ւի Հա­յաս­տա­նի, Էս­թո­նիոյ, Սլո­վենիոյ եւ Սպա­նիոյ մնա­յուն առա­քելու­թիւննե­րու եւ Հե­ռահա­ղոր­դակցու­թեան մի­ջազ­գա­յին միու­թեան կողմէ։

Ձեռնար­կին նպա­տակն է լոյս սփռել թո­ւային տա­րած­քին մէջ կի­ներու տնտե­սական հզօ­րացու­մը խոչնդո­տող սե­ռային անջրպե­տի հար­ցե­րուն վրայ եւ որո­նել անոնց լու­ծումնե­րը։ 2025-ի ԿԶՏՖ-ն կը կեդ­րո­նանայ «Յա­ռաջաց­նե­լով կա­յուն, նե­րառա­կան, գի­տու­թեան եւ փաս­տե­րու վրայ հիմ­նո­ւած լու­ծումներ 2030-ի օրա­կար­գին հա­մար» բնա­բանին վրայ։ ■