ԺԸՆԵՒ – Միրզոյեան–Ապտուլլահեան հանդիպում

Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Փետրուար 27-ին Ժընեւի մէջ հանդիպում ունեցած է Իրանի իր պաշտօնակից Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի հետ:

Նախարարները քննարկած են երկկողմ եւ բազմակողմ հարթակներու վրայ փոխադարձ գործակցութեան առնչուող հարցեր: Երկուստեք գոհունակութեամբ արձանագրած են Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակը:

Հանդիպումին՝ միտքեր փոխանակուած են տարածաշրջանի անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերու շուրջ: 

Անդրադառնալով Բերձորի միջանցքի փակման հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական ծանր իրավիճակին՝ Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է Ազերպայճանի՝ Արցախի շրջափակումը անյապաղ դադրեցնելու հրամայականը՝ համաձայն 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներուն: Այս համածիրին մէջ շեշտուած է նաեւ Արդարադատութեան միջազգային ատեանին կողմէ Ազերպայճանի նկատմամբ հրատապ միջոցներու կիրարկման վերաբերեալ Փետրուար 22-ին կայացուած որոշման գործադրութիւնը։ 

Միրզոյեան իր զրուցակցին ներկայացուցած է նաեւ Հայաստան-Ազերպայճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին վերջին զարգացումները: