Ստորեւ այն թուիթը, որ Ժ.-Ք. Պիւիսոն Յուլիս 26-ին հրապարակած է թուիթըրեան իր հաշիւով.
«Ազերպայճանցի վարձկաններու փոքրիկ բանակի մը յարձակման կ՚ենթարկուիմ այն պահէն ի վեր, երբ ես յայտնեցի, որ Պաքու կ՚արգիլէ,– ի գին Արցախի բնակչութեան մահուան հրամանը ստորագրելու վտանգին,– Արցախ մուտքը՝ սովահար հայ բնակչութիւնը փրկելու համար ղրկուած մարդասիրական շարասիւնին։ Լաւ նշան է. ճշմարտութիւնը միշտ կը զայրացնէ…»