APA գործակալութեան համաձայն՝ Ազէրպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կրկին անգամ հանդէս եկած է «հողեր ազատագրելու» կոչով, Նովրուզը շնորհաւորելու առիթով։
“Ազէրպայճան համակարգուած կերպով լայնածաւալ աշխատանք կը տանի Ղարաբաղի եւ արեւելեան Զանգեզուրի բարեկարգման ուղղութեամբ։ Ի հարկէ, մեր հիմնական խնդիրն է՝ ներքին տեղահանուածները արագ փոխադրել հայրենի հողեր”,– ըսած է Ալիեւ։
Ան նաեւ ինքզինք երջանիկ մարդ համարած է, որ ըստ իրեն՝ «վերադարձուցած է հայրենի հողերը»։
“Կ՚ուզեմ կրկին անգամ ըսել, թէ պիտի շարունակեմ գործադրել ամէն ջանք, որպէսզի Ազէրպայճան առաւել զարգանայ, շարժի դէպի առաջ, եւ լուծուին մեր առջեւ ծառացած բոլոր խնդիրները”,– նշած է Ալիեւ։