Փետրուար 17-ին, Իսրայէլի Զբօսաշրջութեան նախարար Եովէլ Ռազվոզով այցելած է Սուրբ Յարութեան տաճար, ինչպէս նաեւ անոր մաս կազմող հայկական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի եւ ծանօթացած՝ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան եւ հայ ժողովուրդի դարձի պատմութեան:
Լուրը հաղորդած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեան։