Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Իսրայէլի Հայֆա քաղաքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան տեղադրելու որոշում կայացուած է

Թուրքիա հակազդած է 

Իսրայէլի Հայֆայի շրջանի իշխանութիւնները որոշում կայացուցած են քաղաքի կեդրոնական հրապարակներէն մէկուն վրայ  Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան տեղադրելու վերաբերեալ: Լուրը հաղորդած է թրքական «OdaTV» ընդդիմադիր լրասփիւռը՝ յղում ընելով իսրայէլական «Ynet» կայքէջին վրայ լոյս տեսած Ռաֆայէլ Սատիի յօդուածին:

Գրութեան հեղինակը մտահոգութիւն յայտնած է այդ կապակցութեամբ՝ նշելով, որ քաղաքային իշխանութիւններու այդօրինակ որոշումը կրնայ դիւանագիտական գայթակղութեան պատճառ դառնալ՝ տակաւին նոր կարգաւորուած թուրք-իսրայէլական յարաբերութիւններուն մէջ։

Ռաֆայէլ Սատի տեղեկացուցած է նաեւ, որ Իսրայէլի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Շաքիր Էօզքան Թորունլար պաշտօնական նամակ յղած է Իսրայէլի Մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Միքի Զոհարին՝ խնդրելով օգնել  կանխելու յուշարձանի տեղադրման նախաձեռնութիւնը: Զոհար նամակը յանձնած է Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարարութեան, ուր ալ այս նիւթին շուրջ խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցած են։

Սատիի կարծիքով, սակայն, այս օրերուն Հայֆայի մէջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի դէմ տեղի ունեցող բողոքի ցոյցերու ենթախորքին՝ այդ քաղաքի ղեկավարութիւնը կրնայ չանսալ յուշարձանի տեղադրումէն հրաժարելու վերաբերեալ կառավարութեան պահանջներուն: Նշուած է, թէ այդա հաւանական է՝ նկատի առնելով Իսրայէլի մէջ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ունեցած լայն ինքնավարութիւնը:

Ըստ յօդուածագրին՝ Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը տեղադրելու նախաձեռնութեան հեղինակը Իսրայէլի խորհրդարանին (Քնեսեթ) մէջ քանի մը անգամ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին վերաբերեալ նախաձեռնութիւններով հանդէս եկած «Մերեց» կուսակցութեան նախկին երեսփոխաններէն մէկն է:

Աղբիւր` Ermenihaber.am