Իրան եւ Իսրայէլ կը շարունակեն փոխադարձ հարուածները, որոնք կը սպառնան ամբողջ տարածաշրջանը ներքաշել լայնածաւալ պատերազմի մէջ։ Քանի մը օր առաջ սկսած բախումներուն պատճառով Իրան արդէն քաշուած է ԱՄՆ-ու հետ Օմանի մէջ նախատեսուած բանակցութիւններէն։
Իրանի զանազան քաղաքներուն մէջ բազմահազար քաղաքացիներ ցոյցեր կազմակերպած են «մա՛հ Իսրայէլին» եւ «վրէժ» վանկարկելով։
Յունիս 14-ի գիշերը Թեհրան հարուածած է Իսրայէլի կեդրոնական եւ հիւսիսային շրջանները. ըստ զանազան աղբիւրներու կան տասնեակ մը մեռեալներ եւ հարիւրէ աւելի վիրաւորներ։ Հայֆայի մէջ վնաս կրած են քարիւղի խողովակաշարեր։
Իսրայէլ ալ հարուած հասցուցած է Իրանի հիւլէական կառոյցներուն։ Վնասուած է նաեւ Թեհրան գտնուող ամէնէն մեծ՝ Շահրանի քարիւղամբարը։ Վարչապետ Նեթանիահու յայտարարած է, թէ ռազմական գործողութիւնները երկար ատեն պիտի շարունակուին։ Իսրայէլի բանակը Յունիս 15-ին հեռանալու հրահանգ տուած էր Իրանի հիւլէական կառոյցներուն շուրջ ապրող բնակչութեան։
Իսրայէլական յարձակումներն ալ, ըստ իրանական աղբիւրներու՝ քաղաքացիական շրջանակներու մէջ պատճառած են 100-ի մօտ մեռեալներ եւ բազմահարիւր վիրաւորներ։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։