Մարտ 20-ին, Իսրայէլի Հայֆա քաղաքին մէջ բացումը կատարուած է «Հայոց ցեղասպանութեան հրապարակ»-ին, հակառակ Թել Ավիվի Թուրքիոյ դեսպանութեան կողմէ գործադրուած ճնշումներուն։ Լուրը կը տեղեկացնէ տեղւոյն Հայ դատի յանձնախումբը, որ այս առթիւ հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը։
Բացման արարողութեան ներկայ եղած են Հայֆայի քաղաքապետ Էյնաթ Քալիշ-Ռոթեմ, քաղաքային խորհուրդի անդամներ, Իսրայէլի մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Յակոբեան, Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան ներկայացուցիչներ, Երուսաղէմի Հայ դատի յանձնախումբի եւ Իսրայէլի հայ համայնքի անդամներ, ինչպէս նաեւ Հայֆայի տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչներ:
Նշենք, թէ Մարտ ամսուան սկիզբը Հայֆայի քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ քուէարկեց 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու եւ քաղաքին մէջ զոհերու յիշատակին յուշարձան բարձացնելու որոշում:
Այսպէսով Հայֆան կը հանդիսանայ Իսրայէլի երկրորդ քաղաքը, որ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը Փեթահ Թիքվայէն ետք (Թել Ավիվի հարաւ-արեւելեան շրջանը), ուր 2020 Ապրիլին զետեղուած է զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանը։