Յունուար 28-ին, ծայրայեղական Իսրայէլացիներ փորձած են բարձրանալ Հայոց պատրիարքարանի տանիքը եւ վար առնել խաչակիր եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշները։ Բացի ասկէ, նոր յարձակում մըն ալ կատարուած է հայոց վրայ։ Այս մասին Դիմագիրքի իր էջին կը տեղեկացնէ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Հայր Աղան Գոգչեան։
Ան կը յայտնէ, որ Յունուար 28–ի ուշ երեկոյեան երկու հրեայ ծայրայեղական Հայոց պատրիարքարանի փողոցէն դէպի «Լացի պատ» երթալու ատեն փորձած են նախ խոչընդոտել երթեւեկը, ապա հարուածած են փողոցէն անցնող հայ երիտասարդներու կառքը։
Երիտասարդները դուրս ելած են կառքէն, եւ քաղաքակիրթ ձեւով հարցուցած, թէ ինչո՞ւ կը հարուածեն կառքը, նաեւ նշած, որ իրենք կը յարգեն հրեաները, սակայն ատոր ի պատասխան հրեաներէն մէկը յայտնած է․ “Դուք այստեղ թաղամաս չունիք։ Սա մեր երկիրն է, գացէ՛ք մեր երկրէն”։
Դիւանապետը կը գրէ․ «Եւ երբ հայ երիտասարդները ըսած են. “Սա նաեւ մե՛ր երկիրն է, մեր տունը այստե՛ղ է, մենք այստե՛ղ ծնած ենք, ուրիշ տեղ չունինք երթալու”, միւս ծայրայեղականը արտասուաբեր կազ սեղմած է հայ երիտասարդին աչքերուն, ապա երկուքը միասին փախած են: Հայ երիտասարդները փորձել են հետապնդել վերջիններս, որպէսզի ոստիկանութեան յանձնեն, սակայն արտասուաբեր կազին ազդեցութիւնը թոյլ չէ տուած, հայ երիտասարդը նախընտրած է ընկերը հիւանդանոց փոխադրել:
Հիւանդանոցէն վերադարձին՝ հայ երիտասարդները բողոք ներկայացուցած են ոստիկանութեան: Ոստիկանները յայնտաբերած են երկու հրեայ ծայրայեղականները եւ ձերբակալած: Անոնցմէ մէկը լուսաբացին ազատ արձակուած է, իսկ արտասուաբեր կազ սեղմողը դեռ ձերբակալուած է:
Այս դէպքէն ժամ մը ետք, հրեայ ծայրայեղականներու ուրիշ խումբ մը «Լացի պատ» երթալու ատեն, անցնելով Պատրիարքարանի փողոցէն՝ փորձած է մագլցելով բարձրանալ Հայոց պատրիարքարանի տանիք եւ վար առնել պատրիարքարանի խաչակիր եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշները: Այդ պահուն վանքին դիմաց կանգնած հայ երիտասարդները նկատելով այդ՝ մօտեցած եւ արգելք հանդիսացած են հրեայ ծայրայեղականներուն, վերջիններս փախած են, սակայն անմիջապէս ետք վերադարձած են աւելի փոքր խումբով, այս անգամ դիմակաւորուած:
Դիմակաւոր ծայրայեղականները դարձեալ փորձած են կռիւ հրահրել, հայ երիտասարդներուն ուղղութեամբ արտասուաբեր կազ սեղմած են, հայհոյած Հայերու հասցէին եւ փախած՝ ոստիկանութեան ուղղութեամբ: Հայ երիտասարդները հետապնդած են զանոնք, եւ երբ վերջիններս տեսած են, որ Հայերը զիրենք կը հետապնդեն՝ սկսած են պոռալ. “Ահաբեկչական յարձակո՜ւմ, ահաբեկչական յարձակո՜ւմ»:
Ոստիկանները կարծելով, որ հրեայ ծայրայեղականներու գոչիւնները ճիշդ են՝ փակած են հայ երիտասարդներուն ճամբան, զէնքերը ուղղելով անոնց վրայ՝ ծեծան են մի քանին, եւ անոնցմէ Գէորգ Քահկէճեանը ձերբակալելով՝ տարած են ոստիկանութիւն, այն մեղադրանքով թէ վերջինս յարձակած է ոստիկանի վրայ, որ իրականութեան հետ աղերս չունի:
Գէորգ Քահկէճեանը մէկ գիշեր պահած են ոստիկանատունը, յաջորդ օրը՝ Յունուար 29-ին, Երուսաղէմի պատրիարք Նուրհան արք.ի միջամտութեամբ եւ դատարանի որոշմամբ ազատ արձակած են, զայն դատապարտելով հանդերձ 20−օրեայ տնային կալանքի։ Եւ քանի որ հայ երիտասարդը վիրաւորուած է, վանքի փաստաբանի միջնորդութեամբ ոստիկանութիւնը թոյլ տուած է, որ վերջինս բժշկական քննութենէ անցնի»:
Յիշեցնենք, թէ դեռ քանի մը օր առաջ ալ հրեայ ծայրայեղականները Երուսաղէմի հայկական ճաշարանի մը վրայ յարձակած էին, կահ ու կարասին կոտրտելով, փորձելով վնաս հասցնել նաեւ ճաշարանի անձնակազմին, ինչ որ բարեբախտաբար չէին յաջողած
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը մտահոգութիւն կը յայտնէ
Երուսաղէմի դէպքերուն կապակցութեամբ, Յունուար 30-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան թուիթըրեան իր գրարումով հաղորդած է.
«Խորապէս մտահոգ ենք վերջին բռնութիւններու եւ վանդալական արարքներուն համար, որոնք թիրախ ընտրած են Երուսաղէմի քրիստոնէական կրօնական հաստատութիւնները, անոնց մէջ՝ Հայոց պատրիարքարանը եւ Հին քաղաքի հայ բնակիչները»։